Ատրպէյճանի մէջ գործողութիւն իրականացուցած են Ֆեթուլլա Կիւլէնի՝ Թուրքիոյ ներկայիս նախագահ Էրտողանի մոլի հակառակորդի, կազմակերպութեան դէմ։
Ինչպէս յայտնած են տեղական լրատուամիջոցները, ձերբակալուած են Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպութեան նախկին առաջնորդներէն Տոյրուշ Ճաֆարովը, կազմակերպութեան ֆինանսական գործերու պատասխանատու Կումրախ Ապտուրահմանովը, Yurd կեդրոնի տնօրէն Ռուսլան Ալիեւը եւ կազմակերպչական հարցերու պատասխանատու Անար Ալիեւը։
Բոլորը ձերբակալուած են դատարանի որոշմամբ։
Նշուած է, որ անոնցմէ երեքը երկար ժամանակ իրենց գաղափարները քարոզած են Ատրպէյճանի կրթական կեդրոններու մէջ եւ երիտասարդներ իրենց կազմակերպութեան մէջ ներգրաւելու քայլեր ձեռնարկած։ Աշխատանք կը տարուի շարժման միւս մասնակիցները յայտնաբերելու եւ ձերբակալելու ուղղութեամբ։