image

Աթէնքի մէջ. Յունաց արտաքին գործոց նախարարը ՀՅԴ կեդրոն այցելած է

Աթէնքի մէջ. Յունաց արտաքին գործոց նախարարը ՀՅԴ կեդրոն այցելած է

Չորեքշաբթի, 10 մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբ այցելեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս եւ հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ:

Ներկայ եղան թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետը, Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելին, շրջաններու հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութիւնը, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ դատի յանձնախումբը, ՀԿ Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:

Իր բացման խօսքին մէջ, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթելով նախարարին, հակիրճ անդրադարձաւ յունահայ գաղութի 100-ամեայ բազմաբնոյթ եւ կազմակերպ ներկայութեան, ապա շեշտը դրաւ նախարարի հայասիրական զգացումներուն վրայ, որոնք գործնապէս իրենց արտայայտութիւնը ունեցան, երբ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ան այցելեց Երեւան: Յարութիւնեան ընդգծեց, որ հայութեան համար անհաւասար մարտի այն օրերուն, նախարարի ներկայութիւնը Հայաստան համայն մարդկութեան ցոյց տուաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համաթուրանական ծրագիրներուն դէմ միաւորման անհրաժեշտութիւնը, որուն արդէն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը:

Յարութիւնեան մատնանշեց նախարարի աջակցութիւնը Հայաստան եւ Արցախ մարդասիրական օգնութեան առաքումին առնչութեամբ` երկու օդանաւերու տրամադրութեան գծով: Ան անդրադարձաւ թրքական յարձակողապաշտութեան քաղաքականութեան, որուն հետեւանքները կը կրեն Յունաստանն ու Հայաստանը` յատուկ նշում կատարելով Արցախի շրջափակման եւ անոր ժողովուրդին դէմ ցցուած ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Յարութիւնեան եզրափակեց ըսելով, թէ Յունաստան Հայաստանի միջազգային ամէնէն կարեւոր բարեկամներէն մէկն է. երկու երկիրներու խաղաղ եւ ստեղծագործ գոյակցութիւնը երաշխիքն է փայլուն ապագայի մը համար գալիք սերունդներուն առջեւ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յունարէն խօսքով բարի գալստեան արտայայտութիւն ունեցաւ նախարարին հանդէպ: Ան անդրադարձաւ յոյն նախարարի նուաճումներուն Յունաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, մատնանշելով այն բոլոր զգուշաւոր եւ արդիւնաւէտ քայլերը, որոնք կը յատկանշեն Յունաստանի զօրեղ ներկայութիւնը միջազգային գետնի վրայ:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ յունահայութիւնը կը հետեւի Յունաստանի մօտեցումին Հայաստանի հանդէպ, յատկապէս 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք ցուցաբերած աջակցութեան կապակցութեամբ: Սրբազանը նաեւ նշումներ ըրաւ հայութեան 100-ամեայ ներկայութեան: Յունաստանի հիւրընկալ երկինքին տակ, ըսելով, թէ Յունաստանի ազատագրութեան վսեմ գաղափարները ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանան իրենց ազատութիւնը եւ գերիշխան գոյակցութիւնը հետապնդող ժողովուրդներուն համար:

Վերջին խօսողը եղաւ հայասէր արտաքին գործոց նախարարը, որ ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած ընդունելութեան համար: Նիքոս Տենտիաս նախ նշեց, թէ քանիցս այցելած է Հայաստան, թէ՛ իբրեւ երեսփոխան, բայց մասնաւորապէս իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, եւ առիթը ունեցած է ճանչնալու շարք մը իր պաշտօնակիցներէն: Յատուկ նշում ըրաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Երեւան կատարած իր այցելութեան, որ նպատակ ունէր իր զօրակցութիւնը յայտնել Հայաստանին` ճակատագրական այդ օրերուն, եւ ցոյց տալ Յունաստանի պատրաստակամութիւնը հարցի լուծման ուղղութեամբ:

Նախարարը շեշտեց, որ Յունաստան մօտէն կը հետեւի եւ լիովին իրազեկ է Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն, ազրպէյճանական ներկայ գրգռութիւններուն, կովկասեան շրջանի արագ զարգացումներուն: Ան նաեւ իր խօսքին մէջ լայնօրէն նշումներ ըրաւ արտաքին քաղաքականութեան նուաճումներուն մասին, յատկապէս շրջանին մէջ դրացի երկիրի ցուցաբերած յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դիմաց Յունաստանի բազմերես եւ արդիւնաւէտ ընտրանքներուն մասին: Նախարար Տենտիաս դրուատիքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին հետ բարեկամական աւանդական կապերուն մասին, որոնք խորացած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած գործնական համաձայնագիրներով եւ յարաբերութիւններու ամրապնդումով:

Իր խօսքը եզրափակելով` նախարարը շեշտեց, որ անկիւնադարձային ներկայ պայմաններուն տակ, Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման ուղին կ՛անցնի եւրոպական ատեաններէն: Յունաստան ամէն ջանք պիտի թափէ` սատար հանդիսանալու Հայաստանի լիիրաւ ներկայութեան համար Եւրոպայի մեծ ընտանիքին մէջ:

Ան աւարտեց ըսելով, որ պատմութիւնը փաստած է, թէ այն ժողովուրդները, որոնք կրցած են մեծ աղէտներ դիմագրաւել, աւելի հզօր եւ պինդ դուրս ելած են նման փորձութիւններէ: Յունաստան եւ Հայաստան փաստած են, որ կրցած են գոյատեւել շնորհիւ իրենց տոկունութեան եւ ապրելու վճռակամութեան:

Յաջորդեց հիւրասիրութիւն, եւ ներկաները առիթ ունեցան աւելի մտերմիկ խօսակցութիւն ունենալու հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ նախարարին հետ:

 

«Ազդակ»