Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, Օպերատիւ շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեան, 29 յունուարին, Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերու մէջ հանդիպումներ ունեցած է բնակչութեան հետ:
Ինչպէս անցեալ շաբթուան ընթացքին համայնքներու մէջ, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանրային հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանը խօսած է այն մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու մասին, որոնց պետութիւնն ու հասարակութիւնը կ'առերեսուին ատրպէյճանական շրջափակման պատճառով:
Պետական նախարարը ներկայացուցած է Օպերատիւ շտաբի կողմէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան ապահովման, հրատապ խնդիրներու լուծման, ճգնաժամի հետեւանքներու մեղմման, ինչպէս նաեւ ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարբեր ոլորտներու ու ասպարէզներու մէջ կատարուող աշխատանքները: Ան կարեւոր համարած է այս բարդ ժամանակաշրջանին ժողովիւրդի հետ յետադարձ կապի պահպանումը, ամբողջական տեղեկատւութեան փոխանցումը, որ հանրութեան կ'օգնէ աւելի լաւ հասկնալ իրավիճակն ու համատեղ ջանքերով յաղթահարել այն: «Եթէ մենք ուզում ենք, որ Ադրբեջանն Արցախը հայաթափելու իր ծրագրերում չյաջողի, մենք ունենք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ գնալ: Ու դա կարող ենք անել միայն համախմբուելու միջոցով»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեանը:
Պետական նախարարը լսած է ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ Օպերատիւ շտաբի կողմէ իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ բնակչութեան կարծիքներն ու մօտեցումները, պատասխանել անոնց հետաքրքրող հարցերուն:
Ինչպէս համայնքներու, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներու մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին մէջ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: