image
Հրատապ լուրեր:

Ատամները սեղմել ու առաջ գնալ. Ռուբէն Վարդանեան

Ատամները սեղմել ու առաջ գնալ. Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, Օպերատիւ շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեան, 29 յունուարին, Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերու մէջ հանդիպումներ ունեցած է  բնակչութեան հետ: 

Ինչպէս անցեալ շաբթուան ընթացքին համայնքներու մէջ, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանրային հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանը խօսած է այն մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու մասին, որոնց պետութիւնն ու հասարակութիւնը կ'առերեսուին ատրպէյճանական շրջափակման պատճառով:

Պետական նախարարը ներկայացուցած է Օպերատիւ շտաբի կողմէ  ճգնաժամային իրավիճակի մէջ բնակչութեան  կենսագործունէութեան  ապահովման,  հրատապ խնդիրներու լուծման, ճգնաժամի հետեւանքներու մեղմման, ինչպէս նաեւ  ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարբեր ոլորտներու ու ասպարէզներու մէջ կատարուող աշխատանքները: Ան կարեւոր համարած է այս բարդ ժամանակաշրջանին ժողովիւրդի հետ յետադարձ կապի պահպանումը, ամբողջական տեղեկատւութեան փոխանցումը, որ հանրութեան կ'օգնէ աւելի լաւ  հասկնալ իրավիճակն ու  համատեղ ջանքերով յաղթահարել այն: «Եթէ մենք ուզում ենք, որ Ադրբեջանն Արցախը հայաթափելու իր ծրագրերում չյաջողի, մենք ունենք մէկ ճանապարհ՝ սեղմել ատամներն ու առաջ գնալ:  Ու դա կարող ենք անել միայն համախմբուելու միջոցով»,-ըսած է Ռուբէն Վարդանեանը:

Պետական նախարարը լսած է ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ  Օպերատիւ շտաբի կողմէ իրականացուող աշխատանքներու վերաբերեալ բնակչութեան կարծիքներն ու մօտեցումները, պատասխանել անոնց հետաքրքրող  հարցերուն:

Ինչպէս համայնքներու, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներու մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին մէջ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: