Օրերս Սուրբ Զատկուան եւ Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօներուն առթիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Ասորի եկեղեցւոյ Առաջնորդը այցելութիւն տուած է Հայոց Առաջնորդարան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրեան էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Ասորի Եկեղեցւոյ Առաջնորդին այցը Սրբազան Հօր
Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նաթանայէլ Եպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Շարժայի ու Ապու Տապիի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, Զատկուայ տօնը շնորհաւորելու:
Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի հետ միասին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Ասորի եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան մասին, մասնաւորաբար Շարժայի եկեղեցւոյ գործածութեան Ասորի համայնքին կողմէ:
Նշենք թէ երկար տարիներէ ի վեր Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը տրամադրուի Ասորի եկեղեցւոյ՝ եկեղեցական արարողութեանց համար:
Սրբազան հայրը հանդիպման աւարտին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այցելութեան եւ վերահաստատեց հայ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը Ասորի Սրբազան հօր եւ իր համայնքին:
