Աղբիւրը մէջբերած է 64 տարեկան Արմինէ Հերկէլի տուած զրոյցը Reuters լրատուական գործակալութեան, թէ ան ինչպէս վարժուած է սրճարանը բնակելու, զոր անուանած է «Հիլթոն», ուր կայ ելեկտրականութեան շարժիչ մեքենայ, որովհետեւ ելեկտրականութեան անջատումը իսկական խնդիր է: «Մենք կը փորձենք թէյ խմելով տաքնալ, բայց գիշերները ցուրտ է, եւ խաւարը սարսափելի, մանաւանդ անընդհատ յետցնցումներ ըլլալով», աւելցուցած է ան: «Կարծեցինք, թէ երկրաշարժը վերջացաւ, սակայն երրորդ ուժգին երկրաշարժը աւերներ գործեց: Հիմա տուներնիս անբնակելի դարձաւ, հետեւաբար քիչ մը կը մնանք սրճարան եւ քիչ մըն ալ վրաններուն տակ», շարունակած է Հերկէլ:
6 փետրուարին Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն ետք բոլոր լրատուամիջոցները անդրադարձան այնտեղ գրանցուած աւերածութիւններուն։: Օրերս, «Շարք Ալ Աուսաթ» պարբերականը ուշագրաւ յօդուածով մը ներկայացուցած է Թուրքիոյ Հաթայ նահանգի Սամանտաղ շրջանի վերջին հայկական գիւղի՝ Վագըֆլիի եւ անոր կանգուն մնալու պատմութիւնը, որ «Արեւելք» կը ներկայացնէ ստորեւ:
Աղբիւրը նշած է, թէ հայկական գիւղ՝ Վագըֆլիի տարեցները փառք կու տան Աստծոյ, որ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով զոհեր չեն ինկած, բայց եւ այնպէս այդ չի նշանակեր, որ անոնք մտահոգ չեն իրենց հայրենի հողի ապագայով:
Երկրաշարժը վնասած է գիւղի 40 տուներէն մօտաւորապէս 30-ը: Տուները ընդհանրապէս մէկ կամ երկու յարկանոց քարէ կառոյցներ են եւ շրջապատուած նարինջի եւ կիտրոնի այգիներով։ Երրորդ ուժգին երկրաշարժէն ետք, գիւղի ելեկտրականութիւնը անջատուած է եւ 130 բնակիչները հաւաքուած են սրճարանը, փնտռելով ապաստան եւ ջերմութիւն:
«Վագըֆլին մեր բոլոր ունեցածն է, անիկա Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է, այն մեր տունն է, եւ այն այսպէս տեսնելով սիրտս կը կտրտուի... Այս գիւղը փոքր է, եւ մեր զաւակները կը նախընտրեն Պոլիս ապրիլ: Այս աղէտէն ետք չեմ գիտեր, որքան ժամանակի պիտի կարօտի այն վերակառուցելը: Կը վախնամ, որ մարդոց մեծ մասը գաղթէ եւ գիւղը ամայանայ»,- ըսած է 67 տարեկան թոշակառու ոսկերիչ Մասիս, որ վերադարձած է իր հայրենի քաղաքը 17 տարի Պոլիս ապրելէ ետք: Մասիս, որ մականունը չէ ուզած տալ, ըսած է, թէ պիտի չլքէ գիւղը, որքան ալ որ տեւէ վերակառուցումը:
Վագըֆլին կը գտնուի Հաթայ նահանգի Մուսա լերան վրայ, ան կը նայի Սամանտաղ քաղաքին, որ կը գտնուի Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ երկար սահմանի արեւմտեան կողմը: Գիւղացիները իրար հետ կը խօսին Մուսա լերան հայկական բարբառով, որուն մէջ ալ շեշտակիօրէն կան արաբերէն ու թրքերէն բառեր։
Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ իսլամ է, սակայն երկիրը կը հիւրընկալէ որոշ քրիստոնէական համայնքներ, որոնք մնացորդներն են արդի Թուրքիոյ նախորդող Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող բնակչութեան: Օսմանեան կայսրութիւնը բազմակրօն էր, բայց ղեկավարները իսլամ, այնտեղ ապրած են զանազան ցեղեր:
Աղբիւրը յիշած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ են տարաձայնութիւններ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն սկսեալ մինչեւ այսօր: Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին, Հայաստանի ուղարկած մարդասիրական օժանդակութիւնները կրնան խթանել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը։
Իր հերթին, Վագըֆլիի գիւղապետ Պերճ Քարթուն պատմած է, որ իր երկյարկանի տունը մեծ վնաս կրած է, եւ ան կը սպասէ շինարարական տեսուչներուն: Ան աւելցուցած է, որ իր իրերը տեղաւորելու տեղ չունի ներկայիս։
Աղբիւրը մէջբերած է 64 տարեկան Արմինէ Հերկէլի տուած զրոյցը Reuters լրատուական գործակալութեան, թէ ան ինչպէս վարժուած է սրճարանը բնակելու, զոր անուանած է «Հիլթոն», ուր կայ ելեկտրականութեան շարժիչ մեքենայ, որովհետեւ ելեկտրականութեան անջատումը իսկական խնդիր է: «Մենք կը փորձենք թէյ խմելով տաքնալ, բայց գիշերները ցուրտ է, եւ խաւարը սարսափելի, մանաւանդ անընդհատ յետցնցումներ ըլլալով», աւելցուցած է ան: «Կարծեցինք, թէ երկրաշարժը վերջացաւ, սակայն երրորդ ուժգին երկրաշարժը աւերներ գործեց: Հիմա տուներնիս անբնակելի դարձաւ, հետեւաբար քիչ մը կը մնանք սրճարան եւ քիչ մըն ալ վրաններուն տակ», շարունակած է Հերկէլ:
Տղամարդիկ եւ կանայք միասնաբար կ'աշխատին փոքր խոհանոցին մէջ, ուր կը պատրաստեն տաք ապուրներ եւ բրինձ:
Իսկ գիւղի ծայրամասը կը գտնուի հայկական Ս. Աստուծածին եկեղեցին: Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան ըսած է, որ երրորդ երկրաշարժը պատճառած է ամենամեծ վնասը եւ եզրափակած.- «Մենք կը ծրագրէինք վերանորոգել եկեղեցին, բայց Աստուած ուրիշ ճանապարհ ցոյց տուաւ մեր սիրելի վայրը վերանորոգելու համար»:
«Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ. Գասպարեանը