Աշխարհի մէջ մնացած է երկու առաջնորդ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այս մասին, milliyet.com.tr կայքի հաղորդմամբ, Թուրքիոյ ղեկավարը յայտարարած է Կազիանթեպ նահանգին մէջ երիտասարդներու հետ հանդիպման։
«Մենք այժմ երկու առաջնորդներ ենք աշխարհի մէջ. միայն ես ու Փութինը: Ես սա չեմ ըսեր, քանի որ խօսքն իմ մասին է, ես կը խօսիմ՝ ըստ գործերու: Ես իշխանութեան եմ արդէն 22 տարի։ Գրեթէ նոյն ժամկէտն ունի Փութինը: Մնացած բոլորը հեռացան։ Եւ մենք կ՚ուզենք, որ մեր երկխօսութիւնը շարունակուի։ Այստեղ կարեւոր է շարունակել քաղաքականութիւնը։ Օրինակ, վարչապետ Անկելա Մերքելի հեռանալէն ետք Գերմանիոյ մէջ քաղաքականութիւնն աւարտեցաւ»,-ըսած է Էրտողանը` պատասխանելով դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ յաջողութեան պատճառի մասին հարցին: