Արժանթինի հաւաքականի յարձակող Լիոնել Մեսսին ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակած է լուսանկար, որուն մէջ կ'երեւայ, որ մարզիկը քնացած է՝ Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ոսկեայ գաւաթը գիրկը:
«Բարի լոյս»,- գրած է ան լուսանկարին կից։
Ան նաեւ աւելացուցած է եւս երկու լուսանկար, ուր արդէն արթուն է եւ մաթթէ կը խմէ՝ ձեռքը բաժակը բռնած։
Գրառումը մէկ ժամէն պակաս ժամանակին հաւաքած է տասը միլիոն հաւանում:
