Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ Մնացական Յարութիւնեանի, այսօր՝ 5 Օգոստոսին, մերժեց Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ փաստաբանի բողոքը։ Առուշ Առուշանեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանաւորուած։
«Մենք չենք պարտուել, պարտուել է դատաւոր Մնացական Յարութիւնեանը։ Առուշ Առուշանեանը, միեւնոյնն է, լինելու է ազատութեան մէջ։ Դիմելու ենք Վճռաբեկ դատարան, բայց այնտեղից էլ յոյս չունենք, որից յետոյ կը դիմենք Եւրոպական դատարան»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Առուշանեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Յիշեցնենք, որ Գորիսի համայնքապետին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով:
Ըստ ՅՔԾ հաղորդագրութեան՝ Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքի ղեկավար, «Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակի 32-րդ համարը զբաղցնող Ա.Ա.-ն, յիշեալ դաշինքի օգտին առաւելագոյն քուէներ ապահովելու եւ ընտրութիւններուն ցանկալի արդիւնք արձանագրելու անձնական եւ խմբային շահերէն ելլելով` նախապատրաստած է ծանր յանցագործութիւն, այն է` երկու եւ աւելի ընտրողի կաշառք տալը: