ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յորդորէ քաղաքացիներուն տօնական օրերուն չհիւանդանալու համար ձեռնարկել բոլոր քայլերը` սննդային թունաւորումներէ խուսափելու նպատակով:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը, «Հայ Ձայնի» փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ, որ սննդային թունաւորումներու եւ աղիքային վարակներու կանխարգելումը կը սկսի մթերքի ձեռք բերման գործընթացէն: Տօնական օրերուն չհիւանդանալու համար անհրաժեշտ է.
- գնումներ կատարել խանութներէ, ոչ թէ անկազմակերպ վաճառքի կէտերէ՝ փողոցէ եւ շուկաներու յարակից տարածքէ,
- գնել թարմ, չվնասուած մթերք,
- աղցանները, մսային կերակրատեսակները, դոնդողը պատրաստել տունը, քիչ քանակներով՝ պահպանելով առողջապահական կանոնները,
- գնումներ կատարելու ժամանակ ուշադրութիւն դարձնել մթերքի պահման պայմաններուն, պիտանիութեան ժամկէտին, արտաքին տեսքին,
- նախապատուութիւնը տալ անվտանգութեան առումով որոշակի մշակում անցած գործարանային մթերքներուն,
- չգնել ու սնունդի մէջ չօգտագործել անյայտ ծագման, չստուգուած սունկեր: Սունկը գնել միայն շուկայէն եւ խանութներէն` համապատասխան իրաւասու մարմինի կողմէ տրուած փաստաթուղթի առկայութեան պարագային,
- իսկ, եթէ պատրաստ կերակրատեսակները ձեռք բերուած են խանութներէ, ուշադրութիւն դարձնել պատրաստման եւ իրացման ժամկէտներուն, պահման պայմաններուն, ջերմաստիճանին»: