Քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուզրա Զէյան, որ Յուլիս 13-16-ը Հայաստան կը գտնուէր, «Հետքի»-ի հետ հարցազրոյցին հաստատած է տեղեկութիւնը, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչ պիտի աշխատի։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը «Հետք»-ի հետ զրոյցին խօսած է նաեւ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան, ամերիկեան միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու, արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի, Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու մասին։
Հարցին՝ կրնա՞յ հաստատել այն տեղեկութիւնը, թէ որոշում կայ, որ ամերիկեան բանակի ներկայացուցիչ պիտի աշխատի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, Զէյան պատասխանած է․
«Լուրը կը հաստատեմ։ Սա ողջունելի զարգացում է, կրնաք մանրամասնութիւնները ճշդել մեր դեսպանէն եւ լրատուական խումբէն։ Մենք կ՚ողջունենք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ պաշտպանա-քաղաքացիական եւ անվտանգային համագործակցութեան խորացումը։ Սա եւս կը մատնանշէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան փուլ թեւակոխելու պատմական փաստը»։
ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը խոչընդոտ չէ
«Հետք»ի միւս հարցին, թէ՝ արդեօք Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ անդամակցութիւնը խոչընդոտ է հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան խորացման համար։ Կրնա՞յ անդամակցութեան դադրեցումը խթանել այդ համագործակցութիւնը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ըսած է.
«ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը կ՚որոշէ բացառապէս Հայաստանի կառավարութիւնը։ Մենք կը յարգենք այդ որոշումը։ Նշեմ, որ մեր համագործակցութիւնը պաշտպանական եւ քաղաքացիական անվտանգութեան հարցերու մէջ կը շարունակէ խորանալ, իսկ Հայաստանը կը մնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ։ Երրորդ եւ վերջին դիտարկումս․ չկայ որեւէ փաստարկ, որ Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»։