image

Արկածի հետեւանքով մահացած բուժակը՝ Քրիստինէ Չիչեանն էր

Արկածի հետեւանքով մահացած բուժակը՝ Քրիստինէ Չիչեանն էր

16 Յուլիսին մահացած բուժկէտի պետ-բուժակ, պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ 37–ամեայ Քրիստինէ Չիչեան Շիրակի մարզէն էր: Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ան մահացած է ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով:

Քննութիւն կը կատարուի մահուան հանգամանքները պարզելու համար:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 15-ին ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ տեղի ունեցած դժբախտ պատահարի հետեւանքով վնասուածքներ ստացած է եւ հիւանդանոց տեղափոխուած բուժկէտի պետ-բուժակ, պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ 37–ամեայ Քրիստինէ Միխայէլի Չիչեան: Չնայած բժիշկներու գործադրած ջանքերուն, Յուլիս 16-ին Քրիստինէ Չիչեանը մահացած է:

Լուրը՝ NEWS.am էն