image

Արի Էքիզեանի անակնկալ մահը Լոս Անճըլըսի մէջ

Արի Էքիզեանի անակնկալ մահը Լոս Անճըլըսի մէջ

 Լոս Անճըլսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ հայրենակից Արի Էքիզեանը  (Ծն. 1993-ին՝ Լոս Անճըլըս)։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լոս Անճըլըսի իր աղբիւրէն։

 Անակնկալ մահով իր աչքերը յաւերժին փակած մեր հայրենակիցը որդին է Լոս Անճըլըսի հայկական շրջանակներուն մէջ  յարգուած անուն հանդիսացող գործարար Գրիգոր Էքիզեանին, որ միեւնոյն ժամանակ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքէն ներս։

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալ Արիի յուղարկաւորութիւն եւ թաղման կարգը տեղի ունեցած Գալիֆորնիոյ Քոսթա Մեսա քաղաքի Սուրբ Մարիամ Հայաստանյայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։