Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի ղեկավարութիւնը Ղարաբաղի շահերը պաշտպանելու փոխարէն գերադասեց նահանջել, առանց վերապահումներու ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը նախկին Ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ։ Այս մասին «Ռուսարմինֆո»-ին յայտնած է Պետդումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին։
«Այդ ընդգծուած է անցեալ տարի Արեւմուտքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ժամանակ եւ հաստատուած այնտեղ, Արեւմուտքի եւ Մոսկուայի մէջ վերջին հանդիպումներու ժամանակ»,-ընդգծած է ան:
Այս կապակցութեամբ Զատուլինը յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի ինքնորոշման խնդիրը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրը երկար տարիներ եղած են բանակցութիւններու առարկայ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը վիճի այլ հարցերու շուրջ, բայց ոչ կարգավիճակի հարցի շուրջ, նշած է պատգամաւորը։
Ան յիշեցուցած է Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները մոսկովեան հանդիպումէն առաջ, մասնաւորապէս ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու մասին. «Այդ ամէնը շատ մտահոգիչ պատկեր կը ստեղծէ Ռուսիոյ համար, երբ ան կը պայքարի իր ներկայութիւնը պահպանելու համար: Անշուշտ, ամենակարեւոր հարցերէն մէկը, ընդ որում, ոչ միայն Ռուսիոյ, այլեւ առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար, ռուսական խաղաղապահի զօրակազմի հետագայ ներկայութեան հարցն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,ըսած է Զատուլինը:
«Կը կարծեմ, որ պէտք չէ հեռատես ըլլալ՝ պատկերացնելու համար, որ հակառակ բոլոր հաճոյախոսութիւններուն, ատրպէյճանական կողմը կը ձգտի անոր, որ դուրս մղէ ռուսական խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղէն, հազիւ որ ստորագրուի համաձայնագիրը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որ վերջապէս իր համար լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած հարցը, դադրի այն անուանել Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս արդէն կ'ընեն: Անոնք կ'իրականացնեն իրենց քաղաքական գիծը՝ ստացէք Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն կամ հեռացէք։ Ինչով այս գիծը կը տարբերի 20-րդ դարասկիզբի Հայոց ցեղասպանութենէն, անով, որ այն չենթադրեր ուղղակի ֆիզիքական ոչնչացում:
Բայց ինչպէս կը յիշենք, Հայոց ցեղասպանութիւնն ուղեկցած է հայերու զանգուածային տեղահանմամբ Թուրքիոյ հայկական գաւառներու պատմական բնակութեան վայրերէն։ Ատրպէյճանն այժմ ատոր կը ձգտի, եւ անոնց պէտք չեն վկաներ, անոնց պէտք չեն Ռուսիան ու անոր խաղաղապահի ուժերը։
Այն յոյսերը, որ ինչ-որ մէկը թերեւս արհեստականօրէն կը ստեղծէ, թէ Արեւմուտքը միացած է գործընթացին, անոնք հաշուի չեն առներ այն փաստը, որ Արեւմուտքի մէջ հիմնական շահը տարածաշրջանի մէջ վնաս պատճառելն է, առաջին հերթին, Ռուսիոյ, երկրորդ՝ Իրանին։ Երկուքն ալ կ'իրականացուին։
Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ հարցականի տակ է, իսկ ինչ կը վերաբերի Իրանին, ապա Արեւմուտքը աչք կը փակէ շատ բաներու վրայ, այդ շարքին՝ հայերու արտաքսման, եթէ Ատրպէյճանը մտնէ Իրանի հետ աւելի բուռն առճակատման մէջ։ Ատրպէյճանը կ'երթայ այս ճանապարհով, քանի որ կը հասկնայ, թէ հարցը ուր է։ Ամէն շաբաթ Իրանի մէջ կը բացայայտուի իրանցի լրտեսներու հերթական խմբաքանակը։ Այնտեղ հակաիրանական վախ կը սերմանուի: Ո՞վ շահագրգռուած է յարաբերութիւններու սրմամբ: Առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը»,-ըսած է Զատուլինը։