image

Արեւմտեան Թեմ. Հայկարամ Առաքելեանի կորուստը

 Արեւմտեան Թեմ. Հայկարամ Առաքելեանի կորուստը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արեւմտեան Թեմի նուիրեալ ազգայիններէն՝ Հայկարամ Առաքելեանը։

Տխուր լուրը «Արեւելք» ստացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Ազգային Առաջնորդարանի դիւանէն։

 

 Ստորեւ տրուած հակիրճ մահագրութիւնը՝

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն մահը Հայկարամ Առաքելեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, ապա Արեւմտեան Թեմերէն ներս: Ան Արեւելեան թեմի իբրեւ ներկայացուցիչ մասնակցած է Արեւմտեան մեր Թեմի Երեսփոխանական ժողովներու, եղած է Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ բարերար, զօրակից Ազգ. Առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներու եւ գաղութի նուիրեալ անդամներէն:

Իր հաւատացեալ նկարագրին, ազգանուէր վաստակին եւ կատարած իշխանական բարերարութեանց համար՝ 1983 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: 

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Ալիսին, դուստրերուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Պիտի կատարուի Ազգային թաղում, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր, կ.ե. ժամը 1-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։