image

«Արցախը յայտարարում եմ աղէտի գօտի». Արայիկ Յարութիւնեան

«Արցախը յայտարարում եմ աղէտի գօտի». Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը երկիրը յայտարած է աղէտի գօտի։ Այս մասին ան յայտարարած է իր հրաւիրած մամուլի ասուլիսի բացման խօսքին մէջ։

Նախագահը այսպիսով կ'ակնկալէ միջազգային հրատապ արձագանգ եւ անվտանգային, քաղաքական ու մարդասիրական աջակցութիւն միջազգային հանրութենէն:

«Արցախն այժմ աշխարհում միակ տարածքն է, որը գտնւում է լիակատար մեկուսացման ու պաշարման մէջ՝ առանց որեւէ հումանիտար օգնութեան ու միջազգային ներկայութեան: Եթէ նոյնիսկ աղէտի գօտի յայտարարելու պայմաններում միջազգային հրատապ աջակցութիւն չլինի, ապա Արցախը կարելի է հանգիստ կերպով համարել որպէս համակեդրոնացման ճամբար՝ իր բոլոր հետեւանքներով հանդերձ»,– ըսած է ան։

Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարած է, որ հասունացած է միակողմանի քայլեր ձեռնարկելու պահը՝ որպէս զանգուածային յանցագործութիւնը կանխարգիլելու վերջին միջոց։

«Ի հարկէ, առաջին հերթին 2020թ. նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերից ու յատկապէս Ռուսաստանից ունենք պահանջներ՝ կատարելու անվտանգութեան երաշխաւորի պարտաւորութիւնները, իսկ յատկապէս Հայաստանից էլ պահանջում ենք, որ զերծ մնայ Արցախն Ադրբեջանի կազմում ճանաչելու որեւէ յայտարարութիւնից ու գործողութիւնից՝ յարգելով Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը»,–ըսած է ան։

Ներգրաւուած դերակատարներէն ալ ան պահանջած է դադրեցնել աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի յանցաւոր օրակարգին, որ միայն կը խորացնէ անմեղ մարդոց տառապանքները։

«Վերջիվերջոյ, Ադրբեջանի միջազգային անպատժելիութիւնը պէտք է մէկ օր կասեցուի, այլապէս այն ծնելու է նորանոր դաժանագոյն յանցագործութիւններ, որոնց շեմին ենք գտնւում այժմ»,– ըսած է նախագահը:

Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարած է նաեւ, որ հակամարտութիւնը չի կրնար համարուիլ լուծուած, քանի դեռ չեն լուծուած ատոր հիմքը ինկած քաղաքական հիմնախնդիրները, այն է՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման ու պաշտպանութեան հետ կապուած խնդիրները: