image

Արցախի վտարանդի կառավարութիւնը սպառնալիք է ՀՀ անվտանգութեան համար. Փաշինեան

Արցախի վտարանդի կառավարութիւնը սպառնալիք է ՀՀ անվտանգութեան համար. Փաշինեան

«Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած որոշ շրջանակ կամայ թէ ակամայ անում է գործողութիւններ, որոնք սպառնալիք են ստեղծում ՀՀ անվտանգութեան համար, յայտարարում են վտարանդի կառավարութիւնների մասին եւ այլն։ Ուզում եմ յստակ յայտարարել, որ բոլորի համար պարզ լինի՝ ՀՀ-ում կայ մէկ կառավարութիւն ու այդ կառավարութիւնը նստած է այս դահլիճում»,- կառավարութեան մարտ 28-ի նիստին բռնի տեղահանուած արցախցիներու հետ կապուած ընկերային ծրագրերու քննարկման ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան ըսած է՝ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է ձեռնարկուին համարժէք գործողութիւններ, որ արտաքին ուժերը որոշ շրջանակները արտաքին սպառնալիք դառնալու համար չօգտագործեն։

«Սա հարց է, որ պէտք է պատասխան ստանայ։ Հայաստանում բացի ՀՀ կառավարութիւնից, այլ կառավարութիւն չի կարող գոյութիւն ունենալ, եթէ որեւէ մէկը ՀՀ-ում իրեն նոյնականացնում է որպէս կառավարութիւն, դա ազգային անվտանգութեան խնդիր է»,- շեշտած է Փաշինեանն ու ըսած՝ իր խօսքերը պարզապէս յայտարարութիւն չեն ու ատոնք պէտք է արտայայտուին իրական կեանքին մէջ։

Ակնարկելով Արցախի ղեկավարութեան՝ Փաշինեան ըսած է՝ անոնք որպէս կառավարութիւն հանդէս գալու հնարաւորութիւն ունեցած են ու «տեսել ենք, թէ ինչ են արել այդ հնարաւորութեան հետ»։

Անոր խօսքով՝ այդ յայտարարութիւնները «յարգալից-անյարգալիցի գիծն անցել են ու չեն կարող անարձագանգ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից»։

Նշենք, որ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ֆրանսական Le Figaro-ին տուած հարցազրոյցին՝ պատասխանելով հարցին, գոյութիւն ունի՞ արդեօք վտարանդի պետութիւն եւ կառավարութիւն, ըսած է․ «Այո, այն շէնքում, որտեղ ես հիւրընկալում եմ ձեզ Երեւանում, գտնւում են Արցախի նախագահի գրասենեակը եւ դատական ու օրէնսդիր կառոյցների գրասենեակները: Խորհրդարանականները կարող են հաւաքուել այստեղ՝ քուէարկելու համար։ Հոկտեմբերին ստորագրել եմ հրամանագիր, որով սահմանւում է, որ կառավարութեան բոլոր նախարարները մնում են իրենց պաշտօններում՝ կամաւոր հիմունքներով»։