8 Յունիս, 2023-ին, ժամը 17.00-ի սահմաններուն, Սարգսաշէնի վարչական տարածքին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն, անյայտ անձանց կողմէ ազգային ատելութեան շարժառիթով՝ հրաձգային զինատեսակներէ կրակոցներ արձակուած են տնամերձ հողատարածքի մէջ աշխատող ամուսիններ՝ Ասկերանի շրջանի Սարուշէն գիւղի բնակիչներ Լեռնիկ Պաւելի Գասպարեանի եւ Նարինէ Սլաւի Գասպարեանի ուղղութեամբ, սակայն վերջիններուս թաքնուելու եւ գնդակնեը պատին դպնալու շնորհիւ յանցագործութիւնը աւարտին չէ հասած:
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն։
Նշուած փաստի առթիւ Արցախի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 33-103-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 14-րդ կէտերով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:
Գործի մինչդատական քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւնը եւ դատավարական ղեկավարումը կ'իրականացնէ Ասկերանի շրջանի դատախազութիւնը: