image

Արցախի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնն արդէն Եվլախի մէջ է (Լուսանկար, տեսանիւթ)

Արցախի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնն արդէն Եվլախի մէջ է (Լուսանկար, տեսանիւթ)

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնն արդէն Եվլախի մէջ է. այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ հրապարակելով համապատասխան տեսանիւթեր: 

Ինչպէս նշած ria.ru-ն, արցախեան պատուիրակութեան կ'ուղեկցի ռուս խաղաղապահներու մեքենաներու շարասիւնը:

Երէկ յայտնի դարձաւ, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ընդունած են ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկութիւնը՝ կրակի դադրեցման վերաբերեալ:

Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է՝

- դուրս բերել Հայաստանի Հանրապետութեան՝ [Արցախի մէջ] մնացած զինուած ուժերը ռուս խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման գօտիէն,

- լիարժէք զինաթափել «Լեռնային ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի» զինուած խմբաւորումները,

- դուրս բերել ծանր տեխնիկան ու սպառազինութիւնը Լեռնային ղարաբաղի տարածքէն: