Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան 29 հոկտեմբերին հանդիպած է ԱՀ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ տեղի ունեցող արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները եւ ԱՀ իշխանութիւններու գործողութիւններն այդ առումով:
Հանդիպման մասնակցած էին նաեւ ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար՝ Կարէն Շահրամանեան, ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Վիտալի Բալասանեան, ԱՀ արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեան: