image

Արցախի մէջ. Միրգ եւ բանջարեղէն սուղ գիներով

Արցախի մէջ. Միրգ եւ բանջարեղէն սուղ գիներով

Քանի օր է, որ Արցախի խանութներուն մէջ կը վաճառուի միրգ ու բանջարեղէն։ 21 փետրուարէն ի վեր, միրգը, բանջարեղէնը, ձուն, լուացքի փոշին կտրոններով կը վաճառուին, իսկ մինչ այդ՝ կտրոններով կը վաճառուէր 5 ապրանքատեսակ՝ ձէթը, մաքարոնը, շաքարաւազը, հնդկաձաւարն ու բրինձը:

Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցին քաղաքացիները պատմած են, որ միրգ ու բանջարեղէնը սուղ է։ Օրինակ՝ գետնախնձորի մէկ քիլոկրամը կ'արժէ 400–էն 450 դրամ, ստեպղինը 450 դրամ է, բազուկը՝ 320 դրամ։

«Գները շատ թանկ են, յոյս ունենք, որ ապաշրջափակումից յետոյ կը վերականգնուեն նախկին գները»,– ըսած է քաղաքացիներէն մէկը։

Հանրային ծառայութիւններն ու տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովէն հրաժարած են մեկնաբանել, թէ ինչու սուղ կը վաճառուին միրգն ու բանջարեղէնը։

«Խախտման արձանագրութեան դէպքում վարչական վարոյթ պէտք է իրականացուի՝ համապատասխան տոյժ–տուգանք նշանակելու համար»,– ըսած է պետական տեսչութիւններու կառավարման կոմիտէի նախագահ Լեւոն Սարգսեանը։