Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ։
Այս մասին տեղեկացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:
«Երեսուն դիտակէտերուն մէջ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։
Վերջին մէկ օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած։
Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։