Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին։
Այս մասին կը տեղեկանանք Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրէն։
«Երեսուն դիտակէտերու մէջ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ կը վերահսկեն հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։
Վերջին մէկ օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած։
Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։