Արցախի մէջ բնական աճը ընթացիկ տարուան եօթ ամսուան տուեալներով 18,8 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ազգային վիճակագրական ծառայութենէն՝ աւելցնելով, որ հակառակ 2023 թուականի 7 ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ծնունդներու թիւը նուազած է 7,9 տոկոսով, իսկ մահուան դէպքերը՝ 23, 6 տոկոսով, այնուամենայնիւ, բնական աճը գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը:
Հաշուետու ժամանակահատուածին շուրջ 25 տոկոսով նուազած է ամուսնութիւններու թիւը, իսկ 9,1 տոկոսով՝ ամուսնալուծութիւններու: