Սոյն տարուայ առաջին եռամսեակին Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան բնական աճ արձանագրուած է: «Արցախփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) նախագահ Մանուշ Մինասեան՝ ամփոփելով Հանրապետութեան ընթացիկ տարուան յունուար-մարտ ամիսներու ընկերային-տնտեսական վիճակի ցուցանիշները:
«Ծնուածների թիւը գերազանցել է մահացութեան դէպքերը։ Բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը 2023 թուականի յունուար-մարտին կազմել է 166.3 տոկոս։ Ծնուածների 50,7 տոկոսը տղաներն են։ Մայրական մահացութեան դէպք չի գրանցուել»,- ներկայացուցած է ԱՎԾ նախագահը։