Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վթարի ենթարկուած է Արցախի՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքին մէջ։
Այս մասին Twitter-ի էջի միջոցաւ յայտնած է Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆախրետտին Քոճան։
Մեքենան, որուն մէջ եղած են Պինալի Եըլտըրըմը, անոր թիկնապահն ու պատգամաւոր Շամիլ Էյրիմը, վթարի ենթարկուած է Զանգիլանի (Կովսական) օդակայանի ճանապարհին։ Երեքն ալ ուղղաթիռով տեղափոխուած են Պաքու։
Այս պահուն երեքի առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար։