image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են. Խաղաղապահները ներկայ էին

Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են. Խաղաղապահները ներկայ էին

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպում կայացած է ։

Տեղեկութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնէն։

Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Լեռնային Ղարաբաղի սպառողներու ելեկտրամատակարարումը եւ կազամատակարարումը վերականգնելու վերաբերեալ:

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները Լաչինի միջանցքով ճանապարհային փոխադրամիջոցի անարգել երթեւեկութիւնը վերսկսելու վերաբերեալ: