Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպում կայացած է ։
Տեղեկութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնէն։
Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Լեռնային Ղարաբաղի սպառողներու ելեկտրամատակարարումը եւ կազամատակարարումը վերականգնելու վերաբերեալ:
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները Լաչինի միջանցքով ճանապարհային փոխադրամիջոցի անարգել երթեւեկութիւնը վերսկսելու վերաբերեալ: