image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի դրամատնային սարքերուն վրայ սահմանափակումներ

Արցախի դրամատնային սարքերուն վրայ սահմանափակումներ

Արցախի Հանրապետութեան մէջ կանխիկի դրամաշրջանառութեան կարգաւորման ուղղութեամբ 11 յունուարէն որոշակի փոփոխութիւններ մտցուած է: Այս մասին յայտնած են Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։

Մասնաւորապէս, Արցախի Հանրապետութեան մէջ առկայ բոլոր պանքոմատներէն (կանխիկացման դրամատնային դրամարկղեր) եւ POS թերմինալներէն միեւնոյն վճարային քարտով կանխիկացումներու համար պիտի գործէ սահմանչափ՝ օրական մինչեւ 50 հազար դրամի չափով:

Արցախի մէջ գործող պանքոմատներու ու POS թերմինալներու միջոցով կանխիկացման հնարաւորութիւն պիտի ապահովուի որեւէ դրամատնային քարտերու համար:

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ կանխիկի դրամաշրջանառութեան հետ կապուած խնդիրներ առաջացած էին: Բնակչութեան կողմէ մեծ ծաւալի գումարի կանխիկացումը նուազեցուցած էր կանխիկի դրամաշրջանառութիւնը: Օպերատիւ շտաբի նիստին պետական նախարարը յանձնարարած էր միջոցներ ձեռնարկել խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ: