image

Արցախէն տեղահանուածներուն նիւթական աջակցութիւն

Արցախէն տեղահանուածներուն նիւթական աջակցութիւն

Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը (AECID) 100 հազար եւրո կը յատկացնէ՝ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հազարաւոր մարդոց աջակցելու, կենսապայմանները բարելաւելու համար:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ COPE ռատիոկայանը:

Նշուած է, որ Միջազգային զարգացման համագործակցութեան սպանական գործակալութիւնը (AECID) համաձայնած է 100 հազար եւրոյի չափով ներդրում կատարել, աջակցիլ «Գործողութիւն սովի դէմ» ՀԿ-ին՝ օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած բնակչութեան Սիւնիքի մէջ:

Նպատակն է՝ առաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին նիւթապէս, նաեւ՝ հոգեսոցիալական ուշադրութեամբ աջակցիլ մօտ 250 տեղահանուած ընտանիքներու:  

Գործակալութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ կան մօտ 1000 խիստ խոցելի տեղահանուածներ, որոնք նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանան՝ հոգալու համար իրենց հրատապ լուծում պահանջող կարիքները:

Ծրագիրը կը կեդրոնանայ յատկապէս յղի եւ կերակրող կանանց,  բազմազաւակ ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ Գորիսի 13 սահմանամերձ համայնքներու մէջ բնակող հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց վրայ:

Բացի այդ, ծրագրի շրջածիրէն ներս աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի 100 տեղահանուածներու, որոնք կարիք ունին հոգեսոցիալական եւ հոգեկան առողջութեան աջակցութեան՝ Գորիսի մէջ գործող «Գործընկերութիւն եւ ուսուցում» ՀԿ-ի միջոցով: