Այս գիշեր Արցախէն հեռացած են նաեւ ոստիկաններն ու փրկարարները։
«Որոնողական աշխատանքները վերջին օրերին որեւէ արդիւնք չէին տալիս, եւ դրանք դադարեցուել են», - Ազատութեան տեղեկացուցած է Արցախի ՆԳՆ խօսնակ Յունան Թադեւոսեանը։
Պենզինի պահեստի պայթումի վայրին մէջ գտնուած մասունքները տեղափոխուած են Երեւան՝ փորձաքննութեան համար։
Թէ՛ պայթումի եւ թէ՛ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով անհետ կորսուածներ կան, սակայն յստակ թիւ առայժմ չէ հրապարակուած։
Յունան Թադեւոսեանի հաղորդմամբ՝ Արցախի ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանը Ստեփանակերտ է։ Փրկարարները Հայաստան տեղափոխած են նաեւ ծառայութեան տեխնիկան, հրշէջ մեքենաները։