29 սեպտեմբերին, Արարատի մարզին մէջ յանկարծամահ եղած է Արցախի Հանրապետութենէն բռնագաղթած քաղաքացի մը։ Յայտնած է Shamshyan.com:
Ժամը 10։00-ի սահմաններուն «Արտաշատ» բժշկական կեդրոնէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Արտաշատի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ իրենց մօտ տեղափոխուած է տղամարդու դիակ։
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Արցախի Հանրապետութեան Վանք գիւղի բնակիչ 103-ամեայ Մեսրոպ Տ․-ն է։
Դէպքի փաստով Արարատի մարզային քննչական վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։