Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 19 նոյեմբերին հրաւիրած է աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութիւն՝ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
ԱՀ նախագահի աշխատակազմէն «Արեւելք»-ին կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները, ատրպէյճանական կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ շարունակաբար դրսեւորուող թշնամական վարքը: Խորհրդակցութեան մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ, միտքեր փոխանակուած են իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու շուրջ:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, ԱՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը, ԱԽ քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը, ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտօնատար այլ անձինք: