image

Արագօրէն վերաբանալ Instagram-ը. Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ՝ Human Rights Watch-էն

Արագօրէն վերաբանալ Instagram-ը. Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ՝ Human Rights Watch-էն

«Human Rights Watch»-ը (HRW) յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ մէջ «Instagram» ընկերային կայքի արգելափակման վերաբերեալ՝ կոչ ընելով անյապաղ վերացնելու ընկերային կայքի արգելափակումը:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ «Instagram»-ի մուտքն ամբողջովին արգելափակելով՝ թուրք պաշտօնեաներն իրենց  «կամայական որոշումներով» խախտած են միլիոնաւոր օգտատէրերու ազատութեան եւ տեղեկատւութիւն ստանալու իրաւունքը։ 

«Միայն այն պատճառով, որ կառավարութիւնը անհամաձայնութիւն ունի հարթակի որոշակի բովանդակութեան հետ, երբեք չի կրնար պատճառ ըլլալ այդ հարթակի մուտքն արգելափակելու համար»,-աւելացուցած է HRW-ի արհեստագիտութիւններու եւ իրաւական հարցերով փոխտնօրէնը: