Իսրայէլեան Քնիսէթին մէջ արաբ պատգամաւորներ պատռած են «Ազգային Պետութիւն» կոչուող որոշման բնագիրը, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Կայքին փոխանցմամբ, յիշեալ որոշումը ընդունուած է Քնիսէթին կողմէ, պատգամաւորներու 62 կողմ, 55 դէմ եւ 2 ձեռնպահ քուէարկութեան արդիւնքով:
Կայքը նշած է, որ օրէնքի հաստատումէն առաջ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցած է, որոնց հետեւանքով արաբ պատգամաւոր Ճամալ Զահալքա 1 ամիսով հեռացուած է Քնիսէթէն, օրէնքին դէմ ընդդիմանալուն եւ Իսրայէլի Անվտանգութեան նախկին նախարար Աֆի Տիխթըրը մարդասպան կոչելուն համար:
Կայքին փոխանցմամբ, օրէնքի նախագիծի մշակող Տիխթըր պնդած էր, որ օրէնքը փոքրամասնութիւններու մշակոյթը կամ անոնց տօնական օրերը ոտնակոխ պիտի չընէ, եւ ոչ ալ արաբերէն լեզուին վնաս պիտի հասցնէ:
Օրէնքի ընդունումէն ետք ներկայ գտնուող արաբ պատգամաւորները բնագիրը պատռելով զայն նետած են վարչապետ Նաթանիահուի երեսին, որմէ ետք Քնիսէթի նախագահը դուրս հրաւիրած է զանոնք: