image

Ապտակ

Ապտակ

Մեր թուականէն 127 տարիներ առաջ՝ 1894ին Աթէնքի մէջ լոյս կը տեսնէ  «Ապտակ» երգիծաբանական-քաղաքական հանդէսը, որու հրատարակութեամբ խմբագիրը կ'ուզէր «Ապտակ» մը հասցնել «իրենց ազգասէր ծախող շաղակրատներին, որոնք դիմակաւորուած՝ դերասանութիւն կ'ընեն «Հայկական Խնդիր» խորագրով թատերգութեան մէջ» («Ապտակ», Ա. Տարի, 1894, թիւ 1, էջ 2):

Այսօր՝ 127 տարիներ ետք մեր հրապարակներն ու փողոցները լեցուած են նո՛յն դերասաններով եւ թատերգութեանց նոյն «պիես»ն է որ կը խաղարկուի՝ այս անգամ տարբեր դերասաններով: Դերասանները տարբեր՝ սակայն մորթերը նոյնը. Կարծր, ընդդիմահար ու անզգամ, որոնց համար ապտակն երեսի շոյումը շատ ալ տարբերութիւն չունին:

Հազարմեակներ շարունակ, ինչպէս նաեւ այսօր, շատեր ապտակը որդեգրած են որպէս դաստիարակութեան լաւագոյն միջոց: Եւ հակառակ մանկավարժութեան մերօրեայ ջանքերուն ապտակը կը շարունակէ պահել իր հանգամանքը: Դաստիարակութեան կողքին ապտակը նաեւ միջոց է զգաստութեան եւ արթնութեան հրաւիրելու դիմացինը: Այսօր երբ մէկը նուաղի՝ դարձեալ կը դիմեն ապտակին: Կա՞յ արդեօք մէկը որ կեանքին մէջ գէթ մէկ անգամ ապտակին համը զգացած չըլլայ...:

Սակայն այսօր մեր վիճակը տարբեր է. մեր ազգային կեանքին մէջ ունինք ապտակներ, սակայն միաժամանակ՝ ունինք ապտակի պակասը: Ունինք քաոսային այն վիճակը, որ մեր ապտակուած վիճակին կ'ապրինք անապտակ կեանք մը, ստեղծելով անմեկնելի խառնակութիւն:

 Աւելին, մենք՝ Հայերս ունինք ապտակի այլ տեսակ մը՝ ԻՆՔՆԱՊՏԱԿԸ..., որ աւելի մտահոգի՛չ է քան վերոյիշեալները: Ապտակ՝ որուն դիմաց մարդ չի՛ գիտեր լա՞յ թէ խնդայ...:

Եկէ՛ք վերլուծենք եւ կարեւորե՛նք ապտակները, որովհետեւ ինչպէս Աւստրիացի արձակագիր Լէօփոլտ Վոն Սաշեր Մասոչ (Leopold von Sacher-Masoch) կ'ըսէ. «Ապտակը աւելի արդիւնաւէտ է քան տրուած տասը դասախօսութիւն. ապտակը կը ստիպէ աւելի՛ արագ հասկնալ...»:

Ա.- ՄԵՐ ՍՏԱՑԱԾ ԱՊՏԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻ ՔԱՆԻՆ

Դարեր շարունակ հայ ազգը չի՛ կրցաւ սորվիլ ու հասկնալ թէ ի՞նչ ըսել է «երբ ապտակեն քեզ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր...», եւ շատ անգամ մեր պատմութեան դժբախտ պատահարները ապտակող այդ ձեռքերը կոտրել չի՛ գիտնալուն մէջ պատճառով եղած է: Եւ այդ ապտակներուն դիմաց բոլորս որպէս մէկ ամբողջութիւն ապտակողին դէմ դուրս գալու, մեր ուժերը վատնած ենք ապտակի որպէս պատճառ զիրար զրպարտելու, ամբաստանելու եւ չարախօսելու:

Ապտակներէն մէկը ստացանք մի քանի օր առաջ՝ այդ ալ պատմութեան մէջ յիշուած «օսմանեան ապտակ»ներէն: 15 Յունիս 2021ին, երբ մենք Հայրենիքի փողոցներուն մէջ «նախընտրական Քարոզարշաւ» ըսուած խաբեբայութեամբ մեր մասնագիտացած արուեստը՝ ցեխարձակում կ'ընէինք... Էրտողանն ու Ալիէւը Շուշիի մէջ կը պարէին... Պար՝ որ պար ըլլալէ աւելի ապտակ մըն էր:

Ինչպէս վերը ըսինք, ապտակի ազդեցութեան տակ նստիլ, լրջանալու փոխարէն, ապտակողին ձեռքը կոտրելու ծրագիրներ մշակելու փոխարէն դարձեալ նոյն անփոփոխ բանը կ'ընենք. կը մեղադրենք զիրար, առա՛նց ելքի կամ լուծման:

Ստեփանակերտէն դիւրութեամբ կարելի է տեսնել Շուշին... գրեթէ ամէ՛ն գիշեր Շուշիի երկնակամարին վրայ կ'երեւի ուրախութեան հրավառութիւն: Մեծագի՛ր ապտակ՝ յիշեցնելու հայուն. «պարտուած ես»:

Բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՜նչ մեծ ծաղրանք դարձաւ թշնամիին մօտ Ալիէւի յայտարարած «Նէ օլտու Փաշինեան» յայտարարութիւնը: Շատ անգամ մենք եւս որպէս ծաղրանք կ'օգտագործենք, սակայն կը գիտակցի՞նք որ ապտակ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին... «Նէ օլտու»... այսինքն ի՞նչ եղաւ: Ապտակ, որ պէտք է մտածել տայ թէ իրապէս ի՞նչ եղաւ եւ ինչպէս: Այդ ապտակի ազդեցութիւնն ու մատնահետքերը պէտք չէ՛ անցնին մեր երեսներուն վրայէն, մինչեւ հասկնանք թէ իրապէս «նէ օլտու...»:

Այս եւ նման սաստիկ ցաւ պատճառող ապտակներու դիմաց ինչպէ՞ս խումբ մը հայորդիներ տակաւին  կրնան մնալ անտարբեր ու անփոյթ:

Մեր պարտութիւնը այնպիսի ապտակ մըն էր, որ իւրաքանչիւրս մինչեւ մեր կեանքին վերջ դժուար թէ մոռնանք. Ապտակ՝ որ մեզ դարձեալ վերադարձուց «Ախ երբ պիտի տեսնեմ...» երգի բառերուն:

Բ.- ԱՊՏԱԿՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՑ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻՆՔ

Թշնամիին մեզի հասցուցած ապտակը ամօթի, պարտութեան ու նախատինքի ապտակներ են: Սակայն մենք իրապէս կարիքը ունինք զգաստութեան ու ինքնագիտակցութեան հրաւիրող ապտակներու: Այդ ապտակի կարիքը ունինք, որպէսզի արթննանք այս թմբիրէն:

Արցախեան պատերազմին զոհուած  հերոսներէն Շանթ Նվոյեան գրած է գիրք մը, որուն վերնագիրը մեր այսօրուայ իրականութիւնը կը պարզէ. «Խօսողը չի գիտեր, գիտցողն ալ չի՛ խօսիր»: Այս հզօր ապտակին կարիքը ունինք, որպէսզի խօսողը գիտնայ թէ ի՛նչ կը խօսի, իսկ չի խօսողը զգաստանայ եւ վասն ճշմարտութեան եւ Հայրենիքի լուռ չմնայ:

Մենք կարիքը ունինք այն ապտակին, որ մեզի յիշեցնէ թէ մենք այսօր մեր ապագան է որ կը կերտենք. մեր այսօրը մեր վաղուան անցեալը պիտի ըլլայ ու մենք այդ անցեալի էջերը աղաւաղողները պիտի ըլլանք:

Կարիքը ունինք այն ապտակին, որ մեզի հասկցնէ որ ազգ, լեզու, կրօն.- այս երեք սրբութեամբ կարելի է գոյատեւել:

Ապտակներու՝ որոնք մեզի պիտի սորվեցնեն թէ ընտրութեան մէջ իմ կամ քո՛ւ յաղթելդ չէ՛ որ իրապէս «յաղթանակ» է, այլ յաղթանակ է՝ երբ իրապէս ո՛չ մէկ թիզ հող կը տրուի թշնամուն (գործով եւ ո՛չ խօսքով):

Գ.- ԻՆՔՆԱՊՏԱԿ

Ահաւասիկ, վերջապէս, ամենէն վտանգաւոր ապտակը: Ապտակ որ յատուկ է խենթերու եւ մենք այսօր այդ խենթացածի կարգավիճակին մէջ ենք:

Այդ ապտակը մենք ամէ՛ն օր, կամայ թէ ակամայ կու տանք մենք մեզի:

Ինքնապտակ է, երբ օտար երկիրներու մէջ ապրող մեր հայորդիները կը սկսին իրենց մայրենի լեզուն դարձնել երկրորդական լեզու՝ կամաց կամաց մոռնալով իրենցինը: Երբ կը սկսին մտածել օտար՝ եւ փորձել Հայերէն թարգմանել իրենց մտածումները:

Ինքնապտակ է, երբ «հիւանդանոց փոխադրուած է»ի փոխարէն հայկական մամուլին մէջ կը կարդանք հոսպիտալացվել է տձեւ բառակազմութիւնը:

Մշակոյթի փոխարէն «կուլտուրա»,

մարդասիրականին փոխարէն «հումանիտար»

Հիւանդի փոխարէն «պացիենտ»

Աւելի ցաւալի ու սոսկալի ապտակ է երբ պետական կառոյց մը իրեն պաշտօնական անուն կ'ընտրէ «էկոնոմիկա»ի նախարարութիւն անունը:

Հայկական մամուլի մէջ ցուցարարը կը դառնայ ակտիվիստ, մարզականը՝ սպորտ, թուաբանութիւնը՝ մաթեմատիկա, կոսմետիկա, խալի, ուիքենդ եւ տակաւին աներեւակայելի օտարացած բառեր, որոնք ապտակ են նաեւ Մաշտոցին:

Տակաւին ինքնապատակ է, երբ այսքան բաներէ ետք, ամօթալի պարտութենէ ետք, հազարաւոր տղաներու կորուստէ ետք «բան մը չեղածի պէս» կը յանդգնինք աջ ու ձախ «Կեցցէ՛»ներ կոչել այս կամ այն ղեկավարի հասցէին:

***

Հին միջագետքի աւանդութիւններուն համաձայն տարեմուտին Արքան մէկ անգամ պէտք է ուժգին ապտակուէր: Ապտակը պէտք է ըլլար այնքան ուժեղ, որ պէտք էր Արքայի աչքերէն արցունքներ հոսէին: Չհոսելու պարագային այդ մէկը կը դիտուէր որպէս ժխտական երեւոյթ: Անոնք կը հաւատային որ այդ ապտակը կ'օգնէ, որպէսզի Արքան մնայ խոնարհ եւ գիտակցի որ ինք եւս սովորական մարդ է եւ հակառակ բոլոր հարստութիւններուն ենթակայ է ցաւի՝ ինչպէս բոլորս:

Այդ ապտակի աւանդութիւնն ու սովորութիւնը այսօր պէտք է որդեգրել մեր կեանքին մէջ եւ ո՛չ թէ տարեմուտին, այլ շաբաթական, ինչու չէ նաեւ օրական դրութեամբ ապտակել՝ մի՛շտ զգաստ ու արթուն ըլլալու համար:

Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ի Տէր Յուսիկին բառերով վերջին ապտակ մըն ալ ես տամ. Այնպիսի ապտակ որ միշտ երեսնիս վրայ զգանք այդ ձեռքին ծանրութիւնը.-

«Բարեկա՛մս,  ժողովուրդը պատրաստենք։ Դրօշին տակ՝ բանակ, շեփորի գոռումին՝ զէնք պէտք է»։

 

 

 Հրայր  Տաղլեան