Թէ' Նոր Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացումը, թէ' ապրիլեան պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուին Ազրպէյճանի ահաբեկչական բնոյթը։ Այդ մասին ըսած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովին ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Էտուարտ Շարմազանով, որ 22 Դեկտեմբերին ընդունած է ՌԴ Դաշնային ժողովի Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական միաձուլման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիկովը:
ՀՀ ԱԺ փոխնախագահն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է ռուսական կողմին՝ Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Քարլովի ահաբեկչական սպանութեան կապակցութեամբ: Էտուարտ Շարմազանով նշած է, որ հայ ժողովուրդը իր սեփական փորձով գիտէ, թէ ինչ է պետական ահաբեկչութիւնը. անոր վառ ապացոյցը տակաւին 100 տարի առաջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 21-րդ դարուն Ազրպէյճանի կողմէ Նոր Ջուղայի մէջ հազարաւոր խաչքարերու վերացումը եւ այս տարուայ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը:
«Ե'ւ Նոր Ջուղայի խաչքարերի ոչնչացումը, ե'ւ ապրիլեան պատերազմը եւս մէկ անգամ ցոյց տուեցին Ատրպէյճանի ահաբեկչական բնոյթը»,- նշած է ԱԺ փոխնախագահը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւորած են ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարի անհրաժեշտութիւնը:
ՀՀ ԱԺ փոխնախագահն իր խօսքում նշած է, որ որպէս ՀԱՊԿ ԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար՝ ինք կարեւոր կը համարէ այն փաստը, որ ՌԴ ԴԺ համապատասխան յանձնաժողովն իր առաջին արտագնայ նիստը կը գումարէ Հայաստանի մէջ:
Պարոն Շարմազանով մասնաւորապէս նշած է. «Սա եւս մէկ անգամ ցոյց է տալիս, որ մեր յարաբերութիւնները զարգանում են եւ երկու պետութիւնների շահերից է բխում խորհրդարանական յարաբերութիւնների առաւել զարգացումն ու խորացումը, բայց, այնուհանդերձ, կարծում եմ, որ հայ-ռուսական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններին պէտք է նոր լիցք հաղորդել»:
Լէոնիտ Քալաշնիկով համաձայնած է ԱԺ փոխնախագահի այն տեսակէտին հետ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ:
Կողմերը կարեւորած են հայ-ռուսական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել զարգացումը եւ համակարգուած աշխատանքը միջխորհրդարանական կառոյցներէն ներս:
Քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս: