Օրերս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած է Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի տեղի ունեցած է դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն։
Դպրեվանեցի 9 սաներ միացած են Հայ Եկեղեցւոյ դպիրներու ու կիսասարկաւագներու շարքերուն։
Այս մասին կը կարդանք Անթիլիասի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութենէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսչական կազմէն Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեանի, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն։
Յընթացս Ս. Պատարագին, Հայ եկեղեցւոյ «Այսօր ուրախացեալ ցնծան» շարականի երգեցողութեամբ, ձեռնադրիչ Շահան արքեպիսկոպոս խնկարկութեամբ մուտք գործեց եկեղեցւոյ դաս եւ ձեռնադրութեան յատուկ արարողակարգով դպիր ձեռնադրեց դպրեվանեցի վեց սաներ՝ Անթոնի Թումայեան, Յովսէփ Մովսէսեան, Սարգիս Պալապանեան, Յակոբ Սիսեան, Սերժիօ Թումայեան եւ Զոհրապ Ճուռեան. իսկ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց երեք սաներ՝ Յովսէփ Գալըպճեան, Գաբրիէլ Թահանեան եւ Ներսիկ Պարսումեան։
Հուսկ, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ մեկնելով Ղուկասու աւետարանի 16-րդ գլխէն. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ 16.10)։ Ան, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին ելն ի Վիրապի եւ Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօներուն ու այսպիսով Հայաստան աշխարհ Քրիստոսի լոյսը տարածուելուն։ Սրբազանը յայտնեց, որ Լուսաւորչի Աստուածաշնորհ տեսիլքին ճամբով՝ Ս. Էջմիածին տաճարին յայտնութիւնը հիմքը դարձաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ նշեց, որ «Էջմիածինը այսօր կ՚իջնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի անունով այս փառահեղ տաճարին մէջ եւ իր լոյսին հետ իր շնորհները կը հեղու անգամ մը եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ճեմարանին՝ Դպրեվանքի ուսանողներուն վրայ, որոնցմէ ահաւասիկ դպրութեան ու կիսասարկաւագութեան կարգերով այս տղաքը արժանի եղան այդ շնորհին»։
Վերադառնալով բնաբանին՝ Շահան սրբազան յորդորեց նորօք ձեռնադրեալները իրենց հաւատարմութիւնը ծառայեցնելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ՝ դիտել տալով, որ իրենց ստացած եկեղեցական կարգերը լոկ արտաքին նշաններ չեն։ Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ մեքենայաբար եւ առանց հոգիի կատարուած պաշտօնները անիմաստ ու դատարկ են, ուստի հարկ է սիրով, սրբութեամբ ու հաւատարմութեամբ մօտենալ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով շնորհուած պաշտօններուն։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան յայտնեց, որ «Տիրոջ աչքի՛ն պէտք է մեծնաք, եւ մեծնալու համար պէտք է ծառայութեան ճանապարհը բռնէք, որ ընտրեցիք մեր հոգեւոր տան՝ Դպրեվանքին միջոցով։ Այն ինչ որ քիչ առաջ աղօթքներուն մէջ մէկ առ մէկ արձանագրուեցան, ձեր ուշադրութեան յանձնեցի, որպէսզի կերտուին ձեր նկարագիրին մէջ»։
Քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորօք ձեռնադրեալ Դպրեվանքի սաները, անոնց հարազատներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն՝ Դպրեվանքի տեսչութեան, կազմին եւ Դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն։ Ուստի ան հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց ընտրելագոյն զաւակները Դպրեվանք ուղարկելու, որպէսզի դառնան Աստուծոյ փառքին ու ժողովուրդի բարօրութեան ճառագայթը։
Ապա, Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները։