Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կայքէջէն կը կարդանք ՝
Երեքշաթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017։ Քառօրեայ Ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։
Բացման նիստին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ առաջին հերթին դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ յատկանշական է հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալուն մէջ. առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի որպէս հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի, նշեց Հայրապետը, շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին։
Խօսելով Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց. «Իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել։ Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»։ Այս մեկնակէտով, Հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց՝ մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ Սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ թեմաներուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները։ Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ։ Այս առնչութեամբ, Հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգել Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին փոխանցման ձեւերը եւ մեթոտները։ Շարունակելով, Վեհափառը յայտնեց, որ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ, եւ որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներով, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ։
Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է Վեհափառ Հայրապետը, ան նշեց. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած է խրամատներ գոյանալ։ Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Լոզունքներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն։ Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»։ Ան ընդծեց, որ երիտասարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ։
Պատգամին աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Հայ դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան հանգրուան անցած է, որ կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ։ Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է։ Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ, «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։ Իսկ Սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով, Հայրապետը առաջնահերթութիւն համարեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ Կոթող պիտի բարձրացուի Մայրավանքին շրջափակին մէջ՝խա' ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն։
Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ'ուզենք վերյիշեցնել, թէ՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե´ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե´ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի՝ մեր ժողովուրդը եւ մէկ նպատակ՝ ժողովուրդին ծառայութիւնը»։