Մանկութեան ընկերոջ հետ որքա՜ն յուշեր ու մտերիմ պահեր կարելի է կիսել, որոնք առյաւէտ կը մնան յիշողութեան մէջ:
Օրերս, քեսապահայ Ստեփան Աբէլեան սրտաշարժ գրառումով մը կը գուժէ մահը իր մանկութեան մտերիմ ընկեր ու թաղակից Կարպիսին:
Ստեփան Աբէլեան իր Կարպիսը խորագրեալ յօդուածով կը գրէ՝
Աշնան կարճ օրերէն մէկուն, կանուխ էր մթնշաղը եւ թաղը ելեկտրական հոսանք չկար, չուզեցի մութին մէջ առանձին անցնել երկար գիշեր մը, Ամերիկայէն նոր հասած էի Քէօրքիւնէ եւ Կարպիսին փոխանցելիք ունէի, որոշեցի երթալ եւ գիշերը միասին անցնել։
Պզտիկ մոմ մը վառած`կէս մութ սենեակին մէջ առանձին գտայ Կարպիսը։ Փոքր գաւաթ մը օղի եւ քանի մը հատ պիստակ, մոխրաման մը եւ մէկ «փաքէթ» ծխախոտ, քովը հրահանը։ «Օհհհ բարի եկեր ես Սթիւ» ըսաւ գրկնդխառն, ողջագուրեցինք զիրար եւ նստեցայ կողքին։
- ի՞նչ կ'ընես այսպէս առանձին, հարցուցի։ «Տեսածդ` իմ ամէնօրեայ վիճակս է» ըսաւ։
- Ե՛լ , քալէ՛ հետս միասին տունս երթանք, հոն կը շարունակենք, ըսի եւ այդպէս ալ ըրինք։
Կարպիսին հետ խօսելու նիւթ բնաւ չէի փնտռեր, մեր անցեալի յուշերը անսպառ էին, եւ կենաց մը խմելէ ետք հանգոյցները սկսան քակուիլ։
Նոյն թաղի տղաքն էինք, նոյն մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը, մտերիմներ էինք վաղուց։
«Կը յիշես» ըսաւ ու ծայր տուաւ մեր քաղցր յուշերու շարքը, թէ ինչպէս միասին յաճախ որսորդութեան գացած ենք, Տպըխ լարած, լեռներ թափառած եւ թէ ինչպէս օր մը հրացանի խաղի պատճառով ` զիս մտիկ չըրաւ եւ կրակեց իր վերջին փամփուշտը դէպի քրոջ ուղղութեամբ, ինչ որ վնասեց քրոջ աչքը։
Յիշեցինք Տիւզաղաճի օրերը, ամրան ճիճիներուն ձայնը, երբ մեր հայրերը կէսօրուան դադարին իրար ձայն տալով միասին կը նստէին ծառի մը շուքին տակ, ծրարները կը բացուէին եւ ամէնքը` մէկ ընտանիքի նման կը բաժնեկցէին իրենց շատ պարզ ուտելիքները։
Հրանդ Ամմին՝(Կարպիսին հայրը) անպայման կրակ մը կը վառէր, որ հացը տաքցնէր կայծերուն վրայ, յիշեցնելով` թէ տաք հացը «Գաթըք» ալ կ'ըլլայ, յետոյ սրճեփը մէջը կը մխրճէր եւ սուրճ կ'եփէր։ Ձայն տալու էր անպայման` Ձէնով Օհանի պէս, Ժիրայր... Ժօզէֆ (Հմայեակ) եւ Շէխը անպայման։ Սուրճի եւ ճաշի դադարը շատ երկար չէր կրնար տեւել գործ կար ընելիք։
Կարպիսը իր թեթեւ մազերը եւ յետոյ ճակատը, գլուխը բնաւ բաց չէր պահեր արեւի ճարագայթներուն տակ, իր գլխարկները տեսակաւոր էին, երբ Խաթունը (Աստուած ողորմի հոգւոյն) զիս սուրճի հրաւիրէր Կարպիսը պարտէզէն կը կանչուէր եւ երբ յոգնած հասնէր սուրճին` գլխարկը կը շպրտէր եւ օ՜ֆֆ մը քաշելով «Այս ինչ տաք է» կ'ըսէր ու կը նստէր։ Երկար կը խօսակցէինք։
Յետոյ անշուշտ յիշեցինք այն դէպքը, երբ օր մը, ինք եւ ես Լաթաքիայէն ուշ ատեն Քեսապ կ'ելլէինք, 1976ին, Գասդալի զարիվերին վրայ իր լիբանանեան «կրիայ» օթոյով արջ մը զարկաւ, որ յանկարծ դիմացնիս ելած էր յոխորտ, դանդաղ. աննախընթաց երեւոյթ մըն էր Քեսապի շրջանին մէջ, բնաւ լսած իսկ չէինք, որ այդ շրջաններուն մէջ արջ ապրի կամ գտնուի։ Այդ փոքր ինքնաշարժով 4 անգամ զարկաւ մեր վրայ յարձակող արջին, որ գլորեցաւ անտառին մէջ։ Յաջորդ օրը լսեցինք, որ Գասդալի թիւրքմէնները գտած են սատկած արջը եւ ցուցադրութեան դրած Հաճ Ալիին խանութի առջեւի հրապարակը։ Անցնողներ տեսած էին եւ պատմեցին։ Այդ տարին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ան Պէյրութը ձգած էր, ուր հօրաքրոջ զաւակներուն հետ ելեկտրական սարքերու եւ հեռախօսներու շինարարական մատակարարում կ'ընէր, նոյնպէս ես` համալսարանի դասաւանդութիւնները առկախուած ըլլալով Քեսապ վերադարձած էի։ Կարպիսը շուտով` իր Լիբանանի մէջ սորված արհեստով կրցած էր գործ գտնել Լաթաքիոյ պետական ագարակի մը մէջ, ելեկտրական սարքաւորումի գործ էր, եւ զիս քաջալերեց, որ ամէն օր իրեն հետ երթամ ագարակ եւ իմ մասնագիտութեամբս՝ որպէս տնտեսագիտութեան ճիւղի ուսանող, հետեւիմ ընթացիկ առօրեային։ Այդպէս ալ ամէն օր Կարպիսին հետ միասին Լաթաքիա կ'երթայինք եւ մտերմիկ պահերը անպակաս էին։
Կարպիս իր ինքնաշարժով ինծի լաւ վարել սորվեցուց մինչեւ որ կրցայ այդ լիբանանեան «կրիայ» օթօյով քննութիւն տալ եւ յաջողիլ եւ վարելու արտօնագիրս առնել։
Կարպիս շատ բարեացակամ, ազնիւ եւ առատաձեռն անձ մըն էր, որ դժբախտաբար դիմագրաւեց կեանքի դժուարագոյն եւ յուզիչ պահեր։
Իր պատանի մէկ հատիկ տղան անհանգիստ զգալով, Խաթունը եւ Կարպիսը խորհուրդս հայցեցին, թէ ինչն է ախտաճանաչման լաւագոյն ճամբան: Ի յայտ եկաւ, որ անհանգստութիւնը (Հրայրին) անցողական եւ պարզ հարց մը չէր։ Հրայր քաղցկեղ ունէր։ Որոշեցինք յաջորդ օրն իսկ միասին Պէյրութ երթալ եւ լաւագոյնը փնտռել մատղաշ Հրայրին առողջութեան համար։ Միասին սկսանք այդ երկար եւ դժուար բուժումի ճամբան, գացինք Պէյրութ մէկէ աւելի անգամներ, որքան որ հարկ էր։ Հրայրը շատ կապուեցաւ ինծի եւ բնաւ չէր ուզեր, որ բացակայիմ մանաւանդ երբ հիւանդանոց մտնելու հարկաւորութիւն ըլլար։
Դժբախտաբար, վերջին օրը իր հետն էի մինչեւ ուշ գիշեր, բայց որոշեցի Լաթաքիայէն Քեսապ ելլել պիտոյքներ հայթայթելու եւ առաւօտուն վերադառնալ։
Այդ գիշեր Հրայրը իր մահկանացուն կնքեց, եւ Խաթունը ըսաւ թէ անոր վերջին հարցումը եղած էր «Սթիւ Ամմոն ու՞ր գնաց. ինչո՞ւ գնաց»,- Խաթունը ըսաւ «քեզ կը փնտռէր»։ Աստուած ողորմի հոգւոյն։
Նմանապէս Կարպիսը կորսնցուց իր նորապսակ եղբայրը Խաչօն. Պատուելիին հետ միասին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ ընդունեցինք։ Պետական բժիշկը եւ դատաւորը ժամանեցին, անողոք փամփուշտը որակեցին, որպէս մահացու հարուած։ Ամանորի գիշերը այս ինչ ծանր եւ չար ժամ էր։ Կարպիսը ամբողջովին լուռ էր եւ պապանձած։ Ցաւը մեծ էր եւ անբուժելի։ Մենք ալ լռեցինք։
Կարպիս տեսաւ հօրը մահը, մօրը մահը, քրոջ զաւկին մահը, իր կրտսերագոյն քրոջ մահը։
Այս բոլորը, սակայն, արգելք չեղան իր նուիրեալ կեանքին, ծառայեց եկեղեցւոյ երկար տարիներ, ժողովներու մէջ էր, «Համազգային»ի վարչութեան մէջ անձնուրաց կ'աշխատէր, գիշեր ու ցերեկ` երբ որ պէտք էր կը տրամադրէր ինքնաշարժը եւ իր ունեցած ու չունեցածն ալ պատրաստ էր տալ ձեռնարկներ յաջողցնելու սիրոյն։
Այս բոլորէն ետք, ցաւս էր, որ չկրցայ իր անհանգստութեան եւ հիւանդութեան օրերուն քիչ մը քովը ըլլալ եւ խրախուսական ծառայութիւն մը ընել սիրելի բարեկամիս։
Անողոք հիւանդութիւնը կարճ ժամանակի մէջ խլեց այս խոնարհ, ազնիւ եւ ծառայասէր հոգին։ Աստուած ողորմի հոգին մեր սիրելի Կարպիսին։
Յիշատակդ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ։
Ստեփան Աբէլեան