image

Անթալիոյ բանակցութիւններով հրադադարի համաձայնութեան չեն հասած

Անթալիոյ բանակցութիւններով հրադադարի համաձայնութեան չեն հասած

Անթալիոյ մէջ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յաջորդած մամուլի ասուլիսին ընթացքին Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան ըսած է, թէ չեն յաջողած համաձայնեցնել Ուքրանիոյ մէջ 24-ժամեայ հրադադար սահմանելու առաջարկը:

«Սերկէյ Լաւրովը մարդասիրական միջանցքներու երաշխիքներ չտուաւ` ըսելով, թէ հարցը պիտի քննարկէ համապատասխան կառոյցներու հետ», ըսած է Քուլեպան:

Անոր խօսքով` ինքը Անթալիա ժամանած է ¬իրավիճակէն դուրս գալու ճշգրիտ որոշումներ ընդունելու նպատակով, բայց Լաւրովը եկած է «միայն լսելու»:

«Մենք չենք կրնար կանգնեցնել պատերազմը, եթէ այդ չի փափաքիր մեր վրայ յարձակած պետութիւնը»,  յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Քուլեպան յայտնած է, որ պայմանաւորուած են եւս մէկ նման հանդիպում կայացնել` ըսելով, թէ երբ ռուսական կողմը պատրաստ ըլլայ բանակցութիւններու, Ուքրանիան եւս պատրաստ պիտի ըլլայ երկխօսութեան: