image

Անկախութիւն, թէ՞ միացում. Փողոցը միջոց չէ. Գէորգ Հալէպլեան

Անկախութիւն, թէ՞ միացում. Փողոցը միջոց չէ. Գէորգ Հալէպլեան

Յօդուածը կը տպագրենք այլակարծութեան իրաւունքով եւ յարգելով երկրորդ  կարծիքի արդար իրաւունքը, միշտ յիշեցնելով, որ «Արեւելք»ի մէջ տեղ գտած նիւթերէն շատերը, ոչ միշտ է որ կը համընկնին մեր խմբագրութեան տեսակէտներուն։

Հայաստանի վերջին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն ժողովուրդի 23%-ի վստահութիւնը ստացած ընդդիմութիւնը դարձեալ ընտրած է փողոցային մեթոտը ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան ճանապարհով հասնիլ իշխանափոխութեան,  պատճառաբանութիւն ներկայացնելով Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման որպէս հնարաւոր վտանգաւոր լուծում, որ գործող իշխանութիւններուն կ ՚ըստիպէ Ատրպէյճանի հետ ստորագրել «խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր» ՝որտեղ  Արցախը կը յայտնուի, որեւէ կարգավիճակով, Ատրպէյճանի կազմի մէջ։

       Այստեղ, համաձայն ըլլալով ընդդիմութեան մտահոգութեան, որ այդ վերջնական «խաղաղութեան պայմանագիրը» որտեղ Արցախը կը յայտնուի Ատրպէյճանի կազմի մէջ,  պէտք է ըսել որ այդ մէկը համայն հայութեան, եւ ոչ միայն ընդդիմութեան, մտահոգութեան առարկան է եւ այդ «լուծումը» երբեք չի բխիր Հայաստանի ազգային եւ պետական շահերէն։ Այստեղ կայ կարեւորագոյն երեք  հարց.

1) Ինչու՞ ընդդիմութիւնը չ ՚օգտագործէր Ազգային Ժողովի հարթակը, որպէս մեր պետականութեան ամենաբարձր օրինական-քաղաքական հարթակ, որպէսզի իր իրաւացի եւ արդար մտահոգութիււները յայտնէ։

2) Ինչու՚՞ ընդդիմութիւնը Արցախի հարցով մեր հասարակութեան չի ներկայացնէր իր տեսլականը եւ այդ հարցի հայանպաստ  լուծման իր տեսակէտները։ Ընդդիմութիւնը պարտաւոր է Արցախի հարցի լուծման ռազմավարական եւ մարտավարական իր ճանապարհային քարտէզը ներկայացնել մեր հասարակութեան եւ  իշխանական վերնախաւին ՝  աւելի ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ, ԽՈՐՔԱՅԻՆ եւ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ քննարկումներ եւ բանավեճեր կազմակերպելով։ Ընդդիմութիւնը, ի պահանջեալ հարկին, պէտք է նեռարէ փորձագիտական, պատմագիտական եւ ակադեմական դաշտի մասնագէտները որպէսզի իր մտահոգութիւնները համոզիչ դարձնէ ե՚ւ իշխանութիւններուն ե՚ւ հասարակական   լայն շրջանակներուն։

3) Արդեօ՞ք ընդդիմութիւնը «անտեղեակ» է, որ Արցախեան հարցի լուծումը մեծ հաշուով կախում ունի նաեւ մեծ խաղացողներու աշխարհաքաղաքական շահերէն։ Հարաւային Կովկասը իրողապէս Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի շահերու բախման թատերաբեմ դարձած է։

       Հետեւաբար, ինչու՞ իշխանափոխութիւն եթէ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն իրենց հաւատարմութիւնը ի ցոյց տուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցին եւ լռելեայն հաւանութիւն տուած ՝ անոր կողմէ Արցախի հարցի որեւէ կարգավիճակի  լուծման, ընդհուպ նեռարելով Արցախը Ատրպէյճանի կազմի մէջ, մեր անհաձայնութեան անկարողութեան իրական պատկերին ներքոյ։ Ինչու՞ ընդդիմութիւնը հրապարակայնօրէն չի մերժէր Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ չի քննադատէր զայն։ Ինչու՞, այլապէս ալ բարոյա-հոգեբանական ծանր վիճակի մէջ եղող մեր ժողովուրդին փողոց հրաւիրել։ Ո ՞րն է նպատակը այս բոլորին, երբ յայտնի են արտաքին խաղացողները եւ իրավիճակներուն իրատեսական, եւ որպէս ազատ, ինքնիշխան պետութիւն ՝ ձեռնարկելու  ուրոյն եւ անկաշկանդ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու մեր սահմանափակ հնարաւորութիւնները։ 

      Ի՞նչ կարող էինք ընել եւ թերացանք։

      Շատեր հարց կ՚ ուտան, թէ այդ ինչպէս եղաւ որ Ապխազիան, Հարաւային Օսէթիան, Տոնպասը, Խրիմը, Մերձտնեսդրը եւ Քոսովոն անկախացան, իսկ Արցախը որ նախակարապետն էր այս բոլորին, մնաց ձեռնունայն եւ անյոյս։ Այս հարցին խորքային պատճառները բազմաթիւ են որոնց բոլորին անդրադառնալու առիթը կ՚՚ ունենաք հետագային, այնուամենայնիւ կ՚ուզենք մի քանի նկատառումներ նշել.

Ա) Հայկական կողմը, որ յաղթող նկատուած էր, 1994-ին ոչ թէ հրադադարի հեղհեղուկ պայմանագիր պիտի  ստորագրէր, այլ ՝ ՅԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ (Capitulation): Ատրպէյճան կիրառեց զայն, 2020-ին իր յաղթանակը օգտագործելով։

Բ) Վերանկախացած Հայաստանի  4 իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութիւնը եղած է ընդհանրապէս ԱՐՁԱԳԱՆՔՈՂ եւ ՈՉ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ։ Հայաստանի 4 իշխանութիւններու մեծագոյն սխալը Արցախի հարցով եղած է այն, որ 4 խորհրդարանները կամ անոնցմէ որեւէ մէկը չէ վաւերացուցած կամ չէ վերահաստատած 1989-ի Դեկտեմբեր 1-ի Սովետական Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային Խորհուրդի միացեալ հռչակագիրը որ կ ՚ըսէ «Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի անբաժանելի մասն է»։ Ի միջի այլոց սոյն հռչակագիրը ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան անկախութեան հռչակագրով։ Նաեւ պետք է ըսել, որ այս տեսակէտին ընդդիմախօսներ կ ՚առարկեն թէ այդ օրերուն, Հայաստանի այդ հռչակագիրի հաստատումով, Ատրպէյճան կրնար պատերազմ յայտարարել։ Այս մօտեցումը սխալ է մի քանի պատճառնեով ՝ նախ այդ օրերուն Ատրպէյճան ի վիճակի չէր պատերազմելու նկատի ունենալով  իր ներքաղաքական անկայուն վիճակը, երկրորդ ՝ Ռուսաստանի նպաստաւոր կեցուածքը Հայաստանի նկատմամբ։ Նաեւ չենք կարծեր, որ Ատրպէյճանի ենթադրեալ ռազմական պատասխանը այդ օրերուն,  աւելի կործանարար եւ մահացու պիտի ըլլար քան 2020-ի 44-օրեան։

Նաեւ պէտք է արձանագրենք որ 1989-էն մինչեւ 1991 Ատրպէյճան չհամարձակեցաւ ներխուժել Արցախի տարածք։ Ժամանակին պատմաբան Արա Պապեանի զգուշացումները եւ կանխատեսումները որ Արցախի «անկախութիւնը» հղի է ապագայի անկանխատեսելի, անորոշ եւ վտանգաւոր զարգացումներով ՝այսօր իրականութիւն դարձած են։ Ըստ Պապեանի, Արցախի հարցի լուծման լաւագոյն տարբերակը անոր ՄԻԱՑՈՒՄՆ է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ։   Իսկ գալով մեր օրերուն, արդեօ՞ք միջազգային հանրութիւնը այլեւս համակերպուած չէ Հիւսիսային Կիպրոսի, Ապխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ, Տոնպասի, Խրիմի եւ այլոց իրողապէս (de facto) «անկախ կարգավիճակին» կամ իրենց հովանաւորեալներու հետ միացմանը։

Գ) Հայաստանի 4 իշխանութիւնները չկարողացան պատմական-իրաւական անհերքելի փաստերը ներկայացնել միջազգային տարբեր հարթակներ, ինչպիսիք են ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, Եւրոխորհրդարան, Եւրոխորհուրդ, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ապացուցելու որ Արցախը ինչպիսի պայմաններու տակ բռնակցուած է Ատրպէյճանին։ Նոյնիսկ այնպիսի փաստեր ինչպիսիք յայտարարուած են վերանկախացած Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ, 1991-ին, երբ Ատրպէյճան պաշտօնապէս յայտարարեց թէ ինք ժառանգորդն է 1918-ի անկախ Ատրպէյճանի եւ ոչ թէ սովետական Ատրպէյճանի։ Իսկ պատմական անհերքելի իրողութիւն է որ Արցախը չէ գտնուած  Ատրպէյճանի Ա. Հանրապետութեան կազմի մէջ։ 

Դ) Իսկ գալով մեր օրերուն, դժբախտաբար մեր քաղաքական գործիչները, իշխանական կամ ընդդիմադիր, տակաւին կը զլանան (գիտակցաբա՞ր) յստակ դիրքորոշում արտայայտել այս օրերուն շրջանառվող մեր պետականութեան համար կենսական ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ եւ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ մասին, որ  ընթացակարգ պիտի ստանայ գալիք փոթորկալից բանակցութիւններուն , որ գլխաւոր օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ հայ-ատրպէյճանական «խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի» ծիրէն ներս։ Պատմական գիտելիքներու անբաւարարութեա՞ն հետեւանքով, համարձակութեա՞ն պակասի կամ ստորակայութեա՞ն բարդոյթի եւ դիւանագիտական հմտութեա՞ն պակասի պատճառով է այս անտարբերութիւնը մեր իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիրներու կողմէ, երբ անհերքելի է այն փաստը 1919-20-ի Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովէն բխող եւ Ազգերու Լիկայի Կանոնադրութեամբ  Հայաստանի վարչա- տարածքային քարտէզով Արցախը եւ Զանգեզուրը մաս կազմած են Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ինչու՞ մեր պատմաբան-դիւանագէտները աւելի քան 30 տարիէ չկարղացան միջազգային հանրութեան ներկայացնել 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի Պայմանագիրներու անօրինականութիւնը։

       Դժբախտաբար սակայն, այս օրերուն մեզի կը պարտադրուի սահմանազատում եւ սահմանագծում ըստ սովետական քարտէզներու, որ հղի է աւելի տարածքային կորուստներով, ոչ միայն Արցախով այլ Հայաստանի տարածքներով։ Իսկ ի ՞նչ կ ՚ընեն հայկական պատուիրակութիւնները Եւրոխորհրդարանի եւ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային հարթակներու եւ կազմակերպութիւններուն մէջ։ Ու՞ր է մտաւորականութիւնը որ զինուած է գիտելիքով եւ պատմական փաստերով։ 

Գէորգ Հալէպլեան

Նիւթը՝ «Պայքար»էն։