Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Գանատայի համայնքի գործունեայ անդամներէն՝ Անի-Անահիտ Տէմիրճեան-Երկաթեանը։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գանատայի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն մահը՝ Օրիորդ Անի Անահիտ Տէմիրճեան Երկաթեանի, որ պատահեցաւ 25 Յուլիս 2022-ին։
Այս տխուր առիթով, բազմավաստակ եւ ազգային բարերար՝ հանգուցեալ Տէմիրճեան Երկաթեանի թաղումը կատարուեցաւ այսօր, Հինգշաբթի, 4 Օգոստոս 2022-ին։
Հանգուցեալը, միջազգային մակարդակի վրայ քաղաքական հարցերու եւ միջնորդութիւններու, խաղաղութեան հաստատման ու պետականաշինութեան ծրագիրներու, ներառեալ՝ ռազմական-քաղաքական կայունացման, քաղաքական բարեփոխումներու, պետութեան ձեւաւորման, հակամարտութեանց կանխարգելման, տեղական հաշտեցման ու սահմանադրութեան կանոնաւորման գործերու մէջ բազմավաստակ փորձառու անհատականութիւն մըն էր:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»