image

Անհրաժեշտ է կասեցնել ԵՄ Խորհուրդի մէջ Հունգարիոյ ձայնի իրաւունքը. Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար

Անհրաժեշտ է կասեցնել ԵՄ Խորհուրդի մէջ Հունգարիոյ ձայնի իրաւունքը. Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնա, մեկնաբանելով հակառուսական պատժամիջոցներու վերաբերեալ Պուտափեշտի դիրքորոշումը, կոչ ըրած է կասեցնելու Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի մէջ Հունգարիոյ ձայնի իրաւունքը՝ Եւրոպայի ընդհանուր շահերուն դէմ համակարգուած գործողութիւններու պատճառով:

Պաշտօնեան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները հանելու կամ թուլցնելու հիմքեր չկան, քանի որ Մոսկուան չէ հրաժարած Ուքրանիան գրաւելու եւ եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը փոխելու իր նպատակէն:

«Հունգարիան համակարգուած կերպով կ'աշխատի Եւրոպայի անվտանգութեան ընդհանուր շահերուն դէմ, ուստի մենք պէտք է արագ յստակ քայլերու ձեռնարկենք եւ առաջ շարժինք 7-րդ յօդուածի ընթացակարգով, այսինքն՝ Հունգարիոյ ձայնի իրաւունքի կասեցմամբ»,- աւելցուցած է Ցահքնա: