Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Իրիթ Լիլիանն իսրայէլցի այլ դիւանագէտներու հետ միասին լքած է Թուրքիան, հինգշաբթի հաղորդած է թրքական NTV հեռուստաընկերութիւնը եւ այլ լրատուամիջոցներ։
Իսրայէլի դեսպանատունը հրաժարած է մեկնաբանել այս հաղորդագրութիւնները, յայտնած է Reuters-ը։
Այս շաբթուան սկիզբը Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Թուրքիոյ դէմ նախազգուշացում հրապարակած էր՝ պատճառաբանելով, որ իսրայէլցիները կրնան թիրախ դառնալ Կազայի հակամարտութենէն զայրացածներու կողմէ:
Խորհուրդը նաեւ կոչ ըրած է Թուրքիա գտնուող Իսրայէլի քաղաքացիներուն հնարաւորինս շուտ լքելու երկիրը։ Ի պատասխան այս նախազգուշացման՝ իսրայէլեան օդանաւային ընկերութիւնները չորեքշաբթի ուշ երեկոյեան թռիչքներ կազմակերպած են Իսթանպուլէն՝ Թուրքիայէն հեռանալ փափաքող իսրայէլցիներու համար։
Թուրք ցուցարարները բազմիցս հակաիսրայէլեան ցոյցեր կազմակերպած են, իսկ Թուրքիոյ մէջ Կազայի հիւանդանոցի պայթումէն ետք եռօրեայ սուգ յայտարարուած է։