image

Անգարան Երեւանին կը յորդորէ սեղմել Ատրպէյճանի մեկնած ձեռքը

Անգարան Երեւանին կը յորդորէ սեղմել Ատրպէյճանի մեկնած ձեռքը

«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ձեռք մեկնած են Հայաստանին։ Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանը սեղմէ Ատրպէյճանի մեկնած ձեռքը, տարածաշրջանին մէջ անյապաղ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի, որպէսզի մարդիկ ապրին անվտանգ պայմաններու մէջ»,  այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանության նախարար Հուլուսի Աքարը:

«Մենք չենք ուզեր, որ որեւէ մէկը ոտնձգութիւն կատարէ մեր հողերուն վրայ. մենք ոչ մէկի հողի նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք», ըսած է նախարար Աքարը։