image
Հրատապ լուրեր:

Անգարա Պաքուէն աւելի հետաքրքրուած է «միջանցք»ի խնդրով. Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւն

Անգարա Պաքուէն  աւելի հետաքրքրուած է «միջանցք»ի խնդրով. Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւն

Յայտարարութիւններ կը հնչեն, որոնք հիմք կու տան մտածելու, որ Թուրքիան աւելի շատ շահագրգռուած է Հայաստանի տարածքով արտատարածքային միջանցք բանալու հարցով, քան Ատրպէյճանը։ Այս մասին 20 հոկտեմբերին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Ան նշած է, որ 4 հանդիպումներու ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները առարկայական բանակցութիւններ վարած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման շուրջ, որոնք փակուած են Թուրքիոյ կողմէ։

Միրզոյեան յիշեցուցած է Անթալիոյ եւ Փրակի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի, ինչպէս նաեւ պետութիւններու ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումները։

«Գործընթացը դրական կը համարեմ։ Յենանիշը դիւանագիտական ​յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմաններու բացումն է։

Միաժամանակ մեր թուրք զրուցակիցները այս գործընթացը պէտք է աւելի քիչ կապեն հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի հետ։

Ընդհակառակը, անոնք պէտք է գիտակցին, որ հայ-թրքական երկխօսութեան յաջողութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի վրայ»,- ընդգծած է նախարարը։