image

Անգարա լաւատես է Պոլսոյ համաձայնագրին վերաբերեալ

Անգարա լաւատես է Պոլսոյ համաձայնագրին վերաբերեալ

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Անգարա կը կարծէ, որ Մոսկուա պիտի կատարէ Պոլսոյ համաձայնագիրի պայմանները` ռուսական որոշ արտադրութիւններու մատակարարման սահմանափակումները ջնջելու եւ ուքրանական հացահատիկի արտածման հարցին մէջ Ռուսիոյ աջակցութեան վերաբերեալ, հաղորդեց թրքական «Սթար» օրաթերթը:

Ըստ անոր, իրականացման փուլի մէջ պիտի կատարուի շատ դժուար քրտնաջան աշխատանք:

 «Հակառակ արգելքի կամ պատժամիջոցներու բացակայութեան` ռուսական հացահատիկը զանազան պատճառներով չէր կրնար արտածուիլ, եւ այս համաձայնագիրը կը բխի նաեւ Ռուսիոյ շահերէն», ըսաւ Քալըն: