image

Անձրեւային եղանակն առաջիկայ օրերուն պիտի պահպանուի

Անձրեւային եղանակն առաջիկայ օրերուն պիտի պահպանուի

Երեւանի մէջ ապրիլ 27-ի գիշերը կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ապրիլ 28-30-ին հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում 17-20 մ/վ արագութեամբ:

Ապրիլ 26-ի գիշերը, 27-ի ցերեկը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։​

Մարզերուն մէջ ապրիլ 27-ի գիշերը շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ՝ յորդառատ։ Ապրիլ 27-ի ցերեկը, 28-30-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ապրիլ 26-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 2-5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-22 մ/վ արագութեամբ։