image
Հրատապ լուրեր:

Անձրեւային եղանակ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ

Անձրեւային եղանակ  Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ

Հայաստանի տարածքին Ապրիլ 5-ի եւ 6-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Ապրիլ 6-ի ցերեկը, 7-8-ի ցերեկը շրջաններու զգալի մասին մէջ, 9-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ, առանձին հատուածներու մէջ նաեւ ամպրոպ:

Քամին` հարաւարեւմտեան` 2-5 մ/վ, Ապրիլ 6-ին, 8-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 18-23 մ/վ արագութեամբ:

Օդի ջերմաստիճանը Ապրիլ 5-8-ի ցերեկը աստիճանաբար պիտի նուազի 6-8 աստիճանով:

Երեւան քաղաքին մէջ Ապրիլ 5-ի եւ 6-ի գիշերը, 9-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Ապրիլ 6-ի ցերեկը, 7-8-ին կը սպասուի անձրեւ: Ապրիլ 5-6-ին, 8-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 15-18 մ/վ արագութեամբ: